2014-08-27 08:47:20

Հոգեւոր Պետերու վեհաժողով` շրջանի քրիստոնեաներուն վիճակին գծով Պքերքէի մէջ։


Այսօր` Չորեքշաբթի, 27 օգոստոս 2014-ի յետմիջօրէին, Պքերքէի մէջ պիտի գումարուի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը ` քննարկելու համար շրջանի եւ յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած ծանր պայմանները: Այս առիթով Լիբանան ժամանած է նաեւ Իրաքի քաղտէացիներու Ռաֆայէլ Սաքօ պատրիարքը: Վեհաժողովը, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ձեռնարկուած է մարոնիներու Ռայի պատրիարքի Վատիկան մեկնումին նախօրեակին:
Լրատուական աղբիւրներու համաձայն, յառաջիկայ 6 – 10 սեպտեմբերին միջազգային վեհաժողով մը պիտի գումարուի ամերիկեան քոնկրեսին մէջ` ներկայութեամբ զանազան կողմերու ներկայացուցիչներու: Վեհաժողովին ընթացքին քննարկումներու առանցքը պիտի կազմէ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.